ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ ծնած է 1962-ին, Պէյրութ: Աւարտած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եւ 1981-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելէ ետք՝ դպրեվանքի եւ կաթողիկոսարանի մէջ վարած է վանական պաշտօններ։ 1986–1991 աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ եւ ապա Վանգուվըրի (Գանատա) մէջ եւ որպէս հովիւ ծառայած տեղւոյն նորակազմ համայնքին: 1991–1997 իր հովուական ծառայութիւնը շարունակած է Նիւ Ճըրզիի (ԱՄՆ) մէջ: 1997–2014 վարած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը: Եպիսկոպոս օծուած է 2002-ին: 2011-ին Հովուական աստուածաբանութեան տոքթորայի վկայական ստացած է Պրիթիշ Գոլոմպիայի (Գանատա) համալսարանէն։ 2011–2013 եղած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին տեսուչը։ 2014–2015 եղած է Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ։ 2018–2019 եղած է Լիբանանի հայոց առաջնորդ։ Ներկայիս Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու տնօրէնն է։ Հեղինակ է Հայ եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան նուիրուած հատորներու եւ յօդուածներու: